2015-07-15 10:40:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 15 Յուլիսի թուիթը` ''Հարկ է փոխել մեր մտայնութիւնը''։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 15 յուլիս 2015-ին, Ֆրանչիսկոս Պապ, Լատին Ամերիկա կատարած առաքելական ճամբորդութենէն ետք, հրատարակեց իր առաջին թուիթը, որուն մէջ դարձեալ շեշտը դրաւ աշխարհի մէջ սովէն եւ անօթութենէն տառապողներուն վրայ, հաստատելով թէ հարկաւոր է փոխել մեր մտայնութիւնը ու դադրիլ մտածելէ թէ մեր ներգործութիւնները ազդեցութիւն չունին անոնց վրայ որոնք սովէն եւ անօթութենէն կը տառապին։

''Ժամն է փոխելու մտայնութիւնը ու դադրինք մտածելու թէ մեր ներգործութիւնները ազդեցութիւն չունին անօթութենէն տառապողներուն վրայ'' գրեց Ֆրանչիսկոս Պապը իր հրատարակած թուիթին մէջ։

Յայտնենք թէ Նորին Սրբութիւնը Յուլիս ամսուայ ընթացքին դադրեցուցած է իր հանրային ու պաշտօնական գործունէութիւնները, որոնց շարքին նաեւ` չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնները, որոնք կը վերսկսին միայն օգոստոս ամսուայ ընթացքին։

Նշենք նաեւ թէ, վերոյիշեալ առկախուած գործունէութիւններէն դուրս կը մնայ  կիրակի օրուայ Մարեմեան Աղօթքը­, որ կը շարունակուի տեղի ունենալ, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ ամէն Կիրակի կէսօրին։

Նշելու ենք նաեւ թէ Ֆրանչիսկոս Պապը` Յուլիս ամսուայ ընթացքին կը շարունակէ մնալ Վատիկանի մէջ, ընդհատելով իր նախորդներուն սովորութիւնը` Քասթել Կանտոլֆոյի քահանայապետական ամարանոց փոխադրուելով ուր, անցեալ օրերուն` 15 օրուայ համար փոխադրուած էր Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետը­, որ երեքշաբթի 14 յուլիսի ուշ առաւօտուն  վերադարձաւ Վատիկան, շնորհակալութեան գիր մը ուղղելով տեղւոյն քաղաքապետ` տիկին Միլվիա Մոնաքեզիին,   վայելած  ''լուր ու հանգստաւէտ հիւրընկալութեան համար’’։








All the contents on this site are copyrighted ©.